Սրբուհի Ռիթա Սրբուհի Ռիթա 

Սրբուհի Ռիթայի ուխտի օրը նշուեցաւ Պէյրութի մէջ։

Մենք պէտք է սրբուհիէն խնդրենք, որ մեզի տայ այն հաւատքը, որուն միջոցով ինք հաւատաց

Սրբուհի Ռիթայի տարեկան ուխտի օրուան առիթով, Մայիս 20-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ռաուտայի ուխտատեղիին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր Մեսրոպ Թ. ծ. վրդ. Սիւլահեան։

Գերաշնորհ հայրը ըսաւ, որ Հոգեգալստեան տօնին առիթով հաւաքուած ենք սոյն ուխտատեղիին մէջ իբրեւ վերնատուն եւ կը սպասենք ու կը հաւատանք, որ Յիսուսի հոգին պիտի իջնէ մեր մէջ` լուսաւորելով եւ զօրացնելով մեզ: Ան նկատել տուաւ, որ մենք կը հաւատանք, բայց մեր հաւատքը տկար է` աւելցնելով, որ բոլորս վերածնած ենք յաւիտենական կեանքէ եւ մեր կեանքը երկինքն է:

Մեսրոպ Թ. ծ. վրդ. Սիւլահեան շեշտեց, որ Աստուած կը սիրէ մեզ, եւ եթէ ան մարդացաւ, կը նշանակէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի հսկայական գանձ մը: Ան ըսաւ, որ Ս. Հոգիին մեզի տուած իշխանութիւնը ոչ ոք կրնայ առնել` աւելցնելով, որ մենք Ս. Հոգիով զօրացած ենք եւ ամբողջացուցած ենք մեր քրիստոնէական հաւատքը:

Անդրադառնալով մկրտութեան խորհուրդին` մեծաւոր հայրը ըսաւ, որ երբ մկրտուինք, դրոշմ կը ստանանք, որպէսզի մկրտութեան շնորհը, որ Աստուած մեզի կու տայ, զօրանայ եւ իբրեւ վահան ու զրահ մեր հոգիին մէջ մեզ պաշտպանէ ամէն տեսակ չարիքներէ: Շարունակելով իր խօսքը` Մեսրոպ Թ. ծ. վրդ. Սիւլահեան նկատել տուաւ, որ բոլոր սուրբերը մեզի շնորհ կը փոխանցեն` աւելցնելով, որ այդ շնորհը Աստուծմէ է եւ առանց Աստուծոյ հետ իրենց կեանքին երկինքի մէջ` ոչ մէկ սուրբ կրնայ մեզի շնորհ տալ:

Մեսրոպ Թ. ծ. վրդ. Սիւլահեան բացատրեց, թէ ինչու կը տօնենք Սրբուհի Ռիթայի տօնը եւ ըսաւ, թէ այս տօնը այն պահն է, որ Սրբուհի Ռիթա յաւիտենականութեան մտած է` աւելցնելով, որ շատ կարեւոր է մեր յաւիտենականութեան անցքը: «Մենք իրապաշտ ենք եւ գիտենք, թէ ի՛նչ է ճշմարտութիւնը կեանքին մէջ: Ժամանակը մեզ պիտի կլանէ, բայց Աստուծոյ հոգին մեզ կանգուն պիտի պահէ յաւիտեան», շեշտեց Մեսրոպ Թ. ծ. վրդ. Սիւլահեան եւ անդրադառնալով Ս. Ռիթայի կեանքին շեշտեց, որ մենք պէտք է սրբուհիէն խնդրենք, որ մեզի տայ այն հաւատքը, որուն միջոցով ինք հաւատաց եւ մինչեւ վերջ պայքարեցաւ: Եզրափակելով իր խօսքը` մեծաւոր հայրը ըսաւ, թէ Սրբուհի Ռիթա իւրաքանչիւրին պիտի տայ այն շնորհը, որ ամէնէն կարեւորն է իր կեանքին մէջ` շեշտելով, որ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է փնտռէ Աստուծոյ արքայութիւնը եւ անոր փառքը:

Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան հովանին վայելող Մխիթարեան վարժարանի վերանորոգ շէնքի եւ նոր տնօրէնութեան ներկայացումը: Ցուցադրուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան եւ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի վերանորոգ շէնքին մասին համառօտ տեսերիզ մը: Տեսերիզը կ՛ընդգրկէր պատգամ մը Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր տեղակալ Լեւոն արք. Զէքիեանի կողմէ: Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը կ՛արտայայտէր Ռաուտայի վերանորոգ Մխիթարեան վարժարանին հիմը դնելու առնչութեամբ: Վարժարան մը, որ արդիական եւ ժամանակակից կրթօճախ մը ըլլալով պիտի ծառայէ լիբանանահայութեան կրթական կարիքներուն: Այնուհետեւ Մեսրոպ Թ. ծ. վրդ. Սիւլահեան յայտարարեց, որ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի նոր նշանակուած տնօրէնուհին է Ռիթա Պոյաճեան եւ հրաւիրեց զինք ուղղելու իր խօսքը:

Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ սոյն վայրը, որ տարիներէ ի վեր եղած է Սրբուհի Ռիթայի ուխտավայրը, շուտով կը դառնայ հայ աշակերտին կրթօճախ սրբավայրը, ուր կը ծնի, կ՛աճի, կը զարգանայ, այլ խօսքով կը վերաորակաւորուի վաղուան հայը: Ան նկատել տուաւ, որ դպրոցը այն ուխտատեղին է, ուր յաճախող բոլոր աշակերտները կ՛ուխտեն հաւատարիմ եւ յանձնառու մնալ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին: «Այսօր, երբ սփիւռքի գաղութները կը գտնուին նօսրացման վտանգի տակ, եւ տնտեսական ծանր պայմաններու բերումով ահազանգ կը հնչէ հայ օճախներու մէջ դպրոցներ փակելու առնչութեամբ, Մխիթարեան միաբանութիւնը հոսանքն ի վեր թիավարելով նախաձեռնութիւնը առաւ լիբանանահայ նորահաս սերունդին համար կառուցելու այժմէական եւ ժամանակակից յատկանիշներով օժտուած հայաշունչ դարբնոց մը», հաստատեց Պոյաճեան` աւելցնելով, որ պատասխանատուութեան ծայրագոյն աստիճանի նախաձեռնութիւն մըն է դպրոց մը ո՛չ միայն պահելը, այլեւ` զայն յաւելեալ յատկութիւններով օժտելը եւ միաժամանակ անոր նիւթական պահանջները ապահովելը, որ վճռակամութեան, հաւատքի եւ յոյսի արդիւնք է: Ան ըսաւ, որ միաբանութեան ընդհանուր տեղակալ, մտաւորական եւ մանկավարժական վաստակի տէր Լեւոն արք. Զէքիեանի խիզախ եւ իմաստուն որոշումով, այսօր Լիբանանի Մխիթարեան վարժարանը նոր թափ եւ շունչ կը ստանայ իր վերանորոգ կառոյցով, արդիական ուսումնական ծրագիրներով, բարեփոխուած կրթական համակարգով, դասաւանդման նորագոյն մեթոտներով, որակեալ կրթութիւն ջամբելու եւ ազգային ինքնութիւնն ու պատկանելիութեան գիտակցութիւնը խթանելու գրաւականով` աւելցնելով, որ այս տեսլականին նկատմամբ հաւատքի դրսեւորումը կը հանդիսանայ Մխիթարեան վարժարանի էութիւնն ու գոյութեան իմաստը, եւ անոր կից կեանքի կոչուող հայ եկեղեցին, որ կառուցումը իր լրումին պիտի հասնի այս տարուան աւարտին:

«Մխիթարեան վարժարանը պիտի ունենայ յստակ նշանաբան. ըլլալ 21-րդ դարու ուսումնարանը, ուր աշակերտները պիտի սորվին ակադեմականէն շատ աւելին: Ան իր կրթական համակարգին մէջ պիտի ներառէ փոխանցումը այն յաւելեալ կրթութիւններուն, որոնցմով իր աշակերտները պիտի պատրաստէ այս դարու մարտահրաւէրներու յաղթահարման: Մենք, ինչպէս որ պատրաստ ենք դպրոցաշինութեան ծրագիրին, նոյն հաւատքով եւ վճռակամութեամբ պատրաստ ենք վերամուտին: Պատրաստ ենք ուսուցման պատուաբեր առաքելութեան: Պատրաստ ենք հայակերտումի եւ մարդակերտումի սրբազան աշխատանքին: Պատրաստ ենք ընդունելու ձեզ», շեշտեց Պոյաճեան` աւելցնելով, որ այն ծնողները, որոնք այս վերամուտին կը վստահին եւ հաւատք կ՛ընծայեն իրենց նկատմամբ` առանց սպասելու ուրիշը կամ տեսնելու դպրոցի արդիւնքը, պիտի արժանանան գնահատանքի, ըլլալով իւրայատուկ եւ պիտի վայելեն առանձնայատուկ պայմաններ: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ առանձնաշնորհումներ պիտի ստանան գերազանց եւ պատուաբեր արդիւնքներով ներկայացող աշակերտները:

Ռիթա Պոյաճեան ընդգծեց, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հետաքրքրուողները կրնան այցելել վարժարանի կայքը` www.mekhitarianlb.com  եւ արձանագրել իրենց անունը, որպէսզի 15 յունիսէն սկսեալ կապ հաստատուի իրենց հետ եւ հանդիպում ճշդելով կարելի ըլլայ քննարկել իւրաքանչիւր աշակերտի ընդունման պարագան: Ան յայտարարեց, որ վարժարանը իր ամբողջական կառոյցով գործելու պատրաստ պիտի ըլլայ սեպտեմբեր 2018-էն սկսեալ` աւելցնելով, որ վարժարանը իր ուսումնական ծրագիրը պատրաստած է մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դասարաններ, այդ ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի կատարուի աստիճանաբար, փուլ առ փուլ, իսկ 2019-ին վարժարանը պիտի ունենայ նաեւ իր արդիական մանկամսուրը: Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ տարի սկիզբ պիտի առնէ վարժարանին կից շէնքի կառուցումը, որ պիտի ընդգրկէ արուեստից վարժարան, նաեւ առեւտրական կեդրոն` մնայուն եկամուտ ապահովելու համար վարժարանին եւ կարօտեալ աշակերտներուն: Ան նկատել տուաւ, որ փոխադրութիւնը ապահովուած է բոլոր շրջաններուն համար, իսկ խուսափելու համար խճողումէն եւ վարժարանի զարիվեր ճամբէն, վարժարանի ճարտարապետը ձեռնարկած է նաեւ մուտքի մը կառուցումը անմիջապէս մայր ճամբէն:

«Մխիթարեան վարժարանի առաջին սերունդը պիտի ըլլայ Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզիին մէջ հաստատման 300-ամեակի սերունդ, որ միաբանութեան ճանապարհով ընթանալով պիտի շարունակէ պատրաստել ազգային ու հոգեւոր շունչով թրծուած սերունդներ: Մարդակերտման, հայակերտման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ Մխիթարեան վարժարանը ունեցած է անժխտելի դերակատարութիւն: Ասիկա պիտի ըլլայ մեր գրաւականն ու մեր երազանքներու իրականացումը եւ մենք պիտի շարունակենք Մխիթարեան միաբանութեան տեսլականով», եզրափակեց Ռիթա Պոյաճեան:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ վարդերու օրհնութիւն եւ նշխարհամբոյր, ինչպէս նաեւ նոր նշանակուած տնօրէնուհին ընդունեց շնորհաւորանքներ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2018, 10:03