Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբանկար Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբանկար 

Ս. Կոյս Մարիամի Առաքելութիւնը. Խորհրդածութիւն։

Յիսուսի մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերուն, Ս, Կոյսը քայլ առ քայլ հետեւեցաւ իր զաւակին

Ս. Կոյս Մարիամ՝ Գաբրիէլ հրեշտակին աւետիսէն ետք, Աստուծոյ վրայ դնելով իր ամբողջ վստահութիւնը, խոնարհաբար ընդունեցաւ Յիսոսի մայր ըլլալու մեծ առանձնաշնորհը: Այդ վայրկեանէն իսկ սկսաւ իր իսկական առաքելութիւնը՝ ամենօրեայ
աղօթքով եւ մտածականով: Իր արգանդին մէջ կրելով Աստուծոյ միածին որդին, ան ինքզինք անվերապահօրէն յանձնեց Աստուծոյ կամքին:" Ահաւասիկ կամ աղախին Տեառն...Եղիցի ինձ ըստ բանի քում:"

Ունկդրէ Արհ. Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Ս. Կոյսին առաքելութիւնը եղաւ դառն ու դժուար: Ան չկարողացաւ աշխարհ բերել իր նորածինը միւս բոլոր մանուկներուն նման:
Աղքատութեան պատճառով զայն ծնաւ խոնարհ մսուրի մը մէջ, հեռու բոլոր մարդերէն: Մանուկ հասակին, իր զաւակը գրկած՝
Յովսէփին հետ կտրեց Եգիպտոսի անապատը՝ ազատելու համար իր մէկ հատիկը Հերովդէսի մահուան սպառնալիքէն:

Յիսուսի մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերուն, Ս, Կոյսը քայլ առ քայլ հետեւեցաւ իր զաւակին: Զայն սնոյց իր մայրական
գութով եւ սիրով: Եղաւ անոր "մայրն ու դաստիարակը" անոր ջամբելով Աստուծոյ եւ մարդուն սէրը: Զայն դաստիարակեց հնազանդութեան եւ խոնարհութեան մէջ: Զինք առաջնորդեց աշխատանքի՝ հօրը մօտ, որպէսզի ապրի իրեն նմաններուն հոգերն ու ցաւերը: Պատանի հասակէն իսկ, իր անդուլ աշխատանքով եւ ճակտին քրտինքով, Ս. Յովսէփին հետ ապահովեց ընտանիքին արդար հացը: Ս.Կոյսին բարի ցուցմունքներով եւ օրինակներով, Յիսուս մեծցաւ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ շնորհքով եւ իմաստութեամբ:

Տասներկու տարեկանին պատանի Յիսուս անհետացաւ հօր ու մօր ակնարկէն: Խոր կսկիծ մը պատեց Յովսէփին եւ Մարիամին սիրտը: Այստեղ կրնանք երեւակայել մօր մը վիշտը իր սիրագին մէկ հատիկը կորսնցուցած օրերուն:Զինք երկար փնտռելէն ետք՝ գտան տաճարին մէջ: Կ՛ուսուցանէր մեծեր եւ օրէնսգէտնդր, անոնց փոխանցելով Աստուծոյ խօսքը եւ մարգարէներուն պատգամները:

Երեսուն տարեկանին Յիսուս սկսաւ իր առաքելութիւնը: Երիտասարդ տարիներուն Յիսուսի կրած բոլոր հալածանքները, անարգանքները եւ նեղութիւնները մէկ մէկ կ՛արիւնէին ու կը մաշեցնէին անոր փափուկ սիրտը: Կը վրդովէին ազնիւ հոգին: Տառապալից եղաւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի առաքելութիւնը: Այս տառապանքը իր գագաթնակէտին հասաւ Գեթսեմանիի արեան քրտինքով: Յուդայի դաւաճանութեամբ: Պետրոսի ուրացումով: Խաչի Ճանապարհով եւ խաչին վրայ հոգին իր Հօր ձեռքը յանձնելով:

Ս. Կոյս Մարիամ " կայր առ խաչին:" Մինչեւ Յիսուսի կեանքին վերջին շունչը, Մարիամ իրեն մօտն էր: Իր ներկայութեամբ կը ջանար սփոփել զինք: Ուժ տալ անոր: Զարնուած մարմինէն հոսած արիւնը կը սրբէր: Սառած ոտքերը կը համբուրէր:

Այսպէսով, Ս. Կոյսը եղաւ չարչարակից Քրիստոսի եւ բաժնեկից մարդոց փրկութեան: Ան կատարելապէս եւ սքանչելիօրէն կատարեց իր առաքելութիւնը: Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ մահը հանդիսացաւ քրիստոնէական պատմութեան "իսկսկան մայրութեան հարազատագո՛յն խորհրդանիշը," որուն նմանելու հրաուիրուած են բոլոր մայրերը: Ամէն:

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Օգնական Եպիսկոպոս
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2018, 08:30