Որոնել

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքան Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքան 

Նուիրեալ Կեանքի անդամներուն հսկումը Պենտեկոստէի տօնի նախօրեակին։

Սուրբ Հոգիի ներկայութեամբ Նուիրեալ Կեանքը կը դառնայ անձնական կեանքի լիութիւն, պտղաբերութիւն ու անիմանալի ուրախութիւն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 մայիս 2018-ին նշուող Հոգեգալստեան տօնի նախօրեակին, շաբաթ 19 մայիսի երեկոյեան 7-ին, Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան պազիլիքային մէջ, նախատեսուած է աղօթքի հսկում, զոր պիտի գլխաւորէ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հռոմի կրօնական հաստատութիւններու անդամները, ժողովրդապետութիւններու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ նուիրել կեանքի հաստատութիւններու անդամներ։


Արարողութեան ընթացքին նախատեսուած է մոմավառութիւն, ապա սուրբ մկրտութեան խորհուրդի յիշատակում, որուն կը յաջորդեն սուրբ գրային ընթերցումները ապա քարոզը ու Հաւատոյ դաւանանքը, ինչպէս նաեւ արարողութեան ներկայ գտնուող կրօնաւորներու ուխտերու նորոգումը։


«Սուրբ Հոգիի ներկայութեամբ Նուիրեալ Կեանքը կը դառնայ անձնական կեանքի լիութիւն, պտղաբերութիւն ու անիմանալի ուրախութիւն. Սուրբ Հոգին արդարեւ կը ստեղծէ իսկական ներդաշնակութիւն ու հաղորդութիւն» գրուած է վերոնշեալ ձեռնարկի առթիւ Հռոմի Թեմին կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2018, 10:59