Որոնել

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նուիրուած Լամպորկինին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նուիրուած Լամպորկինին 

Պատրիարք Սաքոյի շնորհակալութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին նուէրին համար։

«Շնորհակալ եմ Սրբազան Պապին, միևնոյն ատեն կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր անոնց որոնք կարող են մեզ օգնել, շարունակել թիկունք կանգնիլ Նինվէի քրիստոնեաներուն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք մեծապէս երախտապարտ ենք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հայրական հոգածութեան համար։ Քահանայապետը հայրն է համայն եկեղեցւոյ ու բոլորին կը մտածէ, յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Քաղդէացիներու պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն, ի լուր Սրբազան Քահանայապետին 715 հազար եւրօ արժողութեամբ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական հիմնարկին տրամադրած նուէրին, որ յատկացուած է Իրաքի Քրիստոնեայ գիւղերու վերակառուցումին։
Գումարը ձեռք բերուեցաւ անցեալ 15 նոյեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նուիրուած իւրայատուկ ու բացառիկ «ԼԱՄՊՈՐԿՒՆՒ ՀՈԻՐԱՔԱՆ» ինքնաշարժի վաճառքով։


«Այս նուէրը մեզի կը ներշնչէ յոյս ու քաջալերանք» աւելցուց Պատրիարք Սաքօ «որովհետեւ մեզի համար կարեւոր է գոյատեւել այստեղ՝ Իրաքի մէջ, ու վկայել մեր հաւատքը ու Աւետարանի արժէքները»։
Շնորհիւ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական կառոյցին Իրաքի մէջ ծրագրած վերաշինութիւններուն, բազմաթիւ քրիստոնեաներ արդեն սկսած են վերադառնալ իրենց օճախները։ Արդարեւ անցեալ 25 մարտին վերադարձող ընտանիքներու թիւը հասած էր 8.213-ի, նախկին բնակչութեան 42 առ հարիւրը։ «Քահանայապետին այս նուէրով մենք աւելին պիտի ընենք։ Շնորհակալ եմ Սրբազան Քահանայապետին ու միևնոյն ատեն կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր անոնց որոնք կարող են մեզ օգնել, նոյնիսկ քիչով, շարունակել թիկունք կանգնիլ Նինվէի քրիստոնեաներուն» շեշտած է միշտ Քաղդէացիներու Պատրիարքը։
Նշենք թէ 2014-էն ի վեր տառապող եկեղեցիներու օգնութիւն հիմնարկը, Իրաքի մէջ իրականացուցած է բազմաթիւ մարդասիրական ծրագիրներ՝ 37.703,054 Եւրօ արժողութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2018, 12:32