Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ 

Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի խօսքերը կրօնաւորական կեանքի մասին:

Հաղորդաշար. Վանականութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթին: Շարունակութիւն:

Նախորդ հաղորդումին մէջ յիշեցինք Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի խօսքերը, ուր կը բացատրէ կրօնաւորական կեանքը եւ կը բաղդատէ զայն քահանայական կարգի հետ։ Այսօր կը լսենք Ներսէս Լամբրոնացիի տուած բացատրութիւնները նոյն նիւթի շուրջ։
«Արդ մարդիկ անընդմիջաբար ուզելով վայելել Աստուծոյ սէրը, ե՛ւ սուրբ հոգիով ե՛ւ մարմնով Անոր հաճելի ըլլալու համար, անձամբ ընտրեցին կուսութիւնը իրենց անձին համար, եւ ոչ թէ օրէնքով պարտադրուելով։ Եւ այս, որպէս զի հրաժարին աշխարհի բոլոր ցնորքներէն եւ զբաղմունքներէն, եւ միայն Տիրոջմով մտահոգուին։ Ասոր համար մտքով համոզուած ըլլալով թեկնածուն կու գայ քահանային եւ կամ վանահօր, ըսելով՝ ինչպէս որ մկրտութեամբ աշխարհի մեղքերուն մեռայ, այժմ կʼուզեմ եւ անոր զբաղմունքներուն մեռնիլ։ Այսինքն օրինաւոր ամուսնութեան, վաճառքի, առեւտուրի, դատարկաբանութեան, եւ այն ինչ որ ասոնց տակ կʼիյնայ։ Եւ այս կամքի յօժարութիւնը կը խնդրէ օժանդակ աղօթքները եւ օրհնութիւնը։
Իսկ քահանան կամ վանահայրը զայն առնելով կը տանի եկեղեցի եւ կը հարցնէ՝ թէ յօժարակամ մտքով կը հրաժարի՞ աշխարհէն։ Եւ նոյնը համարձակ կերպով խոստովանելէն ետք, կը կտրեն մազերը, որ նշան է՝ թէ ինչպէս մարմնական գլուխէն մազերը կը կտրուին, նոյնպէս եւ մտքէն՝ որ հոգիին գլուխն է՝ կը կտրուի աշխարհի ցանկութեան ամէն խորհուրդ։ Եւ կը փոփոխէ զգեստները սուգի կերպարանքով, ինչպէս որ մկրտութեան ժամանակ կը փոխեն՝ զգեցնելով բեհեզ եւ լուսակերպ զգեստ, այնպէս ալ այժմ թխակերպ, յայտնի ընելով՝ թէ այս նանիր կեանքին մէջ պանդուխտ ենք, եւ սուգի մէջ, մինչեւ հասնինք Քրիստոսի ուրախութեան։ Այսքան է աբեղայութեան կարգը, ո՛չ պատիւ ընդունելով եւ ո՛չ իշխանութիւն, ո՛չ կը ստիպուի վարդապետական խօսքի տիրանալ եւ ոչ ալ տգիտութեան պատճառով կը թշնամանուի։ Պարտական չէ ուրիշները լուսաւորել, եւ ո՛չ ալ ուրիշներուն բժիշկ ըլլալ, այլ միայն իր անձին ուղղիչ եւ դաստիարակ։ Իսկ քահանան պարտական է այս բոլորին, եւ ընդունած է պատւոյ վիճակ. որովհետեւ ի՞նչ աւելի բարձր վիճակ կայ քան հոգին բաշխել եւ նիւթը Աստուծոյ նուիրել։ Եւ ըստ պատւոյ առաւելութեան՝ պարտական է նաեւ կատարելութեան հասնելու, ո՛չ միայն սուրբ ըլլալ, այլ եւ իմաստուն. եւ ոչ իր անձը, այլ ուրիշները լուսաւորել։ Աստուծոյ գործակից ըլլալ, ինչպէս ըսած է Պօղոս Առաքեալ։
Արդ յայտնի երեւցաւ, թէ աբեղայութեան ցած կարգը եւ եկեղեցական աստիճանի վիճակաւորութեան բարձր պատիւը իրարու համեմատելով իրարմէ բացայայտօրէն շատ հեռու են։ Սակայն աղաւաղուեցաւ, վերացաւ, մեր մէջ տեղ գտաւ այս բարեկարգութիւնը, ինչպէս կը կարծեմ՝ արդէն հին ժամանակներէ։ Եւ այնչափ ծառայ եղանք մախանքներու՝ մրցելով բոլոր քրիստոնեաներուն հետ, որոնց մասին մեր իսկ գրքերը կը վկայեն։ Այլ կուրութեամբ՝ կոյրերը կʼառաջնորդենք. քահանաներ կʼօծենք, եւ կնգուղ կու տանք, պատւոյ կը բարձրացնենք, եւ գլուխը կը ծածկենք, տգէտօրէն անգիտանալով որ յիմարութիւն կʼընենք՝ թէ այս կնգուղը խոնարհութեան եւ պատկառանքի նշան է, եւ ոչ թէ տրուեցաւ իբր համարձակութեան եւ իշխանութեան նշան՝ այլ կրօնաւորութեան։ Եւ Աստուծոյ ծառայելու կամքին համաձայն՝ դէմքը սուգով եւ ամօթով ծածկուելէ ետք, Աստուծոյ ներգործութիւնը կʼըսէ անոր՝ «բարեկամ, ի վեր մատիր», զայն խոնարհութենէ իշխանութեան տանելով եւ ամօթէ՝ համարձակութեան, այսինքն՝ քահանայութեան, ուր ո՛չ թէ կը ծածկեն գլուխը, այլ կը բանան. որովհետեւ անոր իշխանութիւն կու տան աղօթելու եւ մարգարէանալու. եւ պարտական է գլուխը չծածկել, որպէս զի իր գլխոյն՝ Քրիստոսի ամօթ չպատճառէ, ինչպէս ըսած է Պօղոս՝ թէ չկայ աղէտի արժանի աւելի մեծ բան՝ քան Քրիստոսի ամօթ պատճառելը. նոյնպէս նաեւ անոր խորհուրդներու հազարապետին հետ մրցիլը՝ որ ոչ միայն հրամանով այլ եւ բնական օրէնքով մեզ կը հաւանեցնէ նոյն բանին, թէ «Առն մարդոյ ոչ է պարտ ծածկել զգլուխ իւր, որ պատկեր եւ փառք Աստուծոյ է։»
Արդ, երբ եպիսկոպոսը մէկը պատւոյ եւ աստիճանի կը բարձրացնէ, ոչ միայն կը բանայ գլուխը, այլ եւ մազերը կը կտրէ, յայտնելով՝ թէ այս անձը ոչ միայն հասարակ մարդոցմէ մէկն է, որոնք պէտք է բաց գլխով մնան, այլ եւ Աստուծոյ կամքին գործակից կʼըլլայ, ինչպէս որ հրամայեց անոնց՝ ըլլալ առանց գէսի։ Ինչպէս որ կինը, որ ստացած գէսը եւ անոր վրայ ծածկոյթը՝ կօգնէ պատուէրին, այնպէս ալ ան որուն համար գէսը անարգանք է՝ կʼօգնէ օրէնքին, կը կտրէ մազերը, եւ իր գլխոյն Քրիստոսի արդարութեամբ պանծանքով խրոխտանալով՝ բաց գլխով եւ յստակ դէմքով առանց ամօթի կʼաղօթէ եւ կը մարգարէանայ։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2018, 16:39