Երուսաղէմ Երուսաղէմ 

Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներուն կոչն ու դատապարտումը։

Մենք կը հաստատենք թէ չկայ ոչ մէկ պատճառ որ կարող է արգելք հանդիսանալ Երուսաղէմը նկատելու Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մայրաքաղաք

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի տես Ամերիկեան դեսպանատան Երուսաղէմ փոխադրման ու այս որոշումի հետեւանքով ստեղծուած ծանր ու տագնապալից իրավիճակին, Երուսաղէմի կաթողիկէ եկեղեցիներու՝ Լատին, Յոյն Մելքիդ, Հայ, Մարոնի, Քաղդէացի ու Ասորի եպիսկոպոսները, Սուրբ Երկրի Ֆրանչիսկեան պահակի հետ միասին, հրապարակեցին պատգամ մը որուն մէջ կոչ կ՛ուղղեն «ի հնարաւորիս շտապ կերպով» վերջ դնել երկու միլիոն պաղեստինցիներու բռնի պաշարումին,  ապա կը հաստատեն թէ Ամերիկեան դեսպանատան Երուսաղէմ փոխադրումը, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմին վերաբերող միակողմանի առնուած միւս բոլոր որոշումները «չեն սատարեր Իսրայէլացիներու ու Պաղեստինցիներու միջեւ այնքան սպասուած խաղաղութեան յառաջացումին»։ Եպիսկոպոսները կը շեշտեն ապա Սուրբ Աթոռին դիրքը՝ «Երուսաղէմը դարձնելու բոլոր ժողովուրդներուն յատկացուած բաց քաղաք մը, երեք միաստուածեան կրօններու հոգեւոր սիրտ», եւ «խուսափիլ որեւէ միակողմանի որոշումէ որ կը խաթարէ Սուրբ Քաղաքին ինքնութիւնը»։

«Մենք կը հաստատենք թէ չկայ ոչ մէկ պատճառ որ կարող է արգելք հանդիսանալ Երուսաղէմը նկատելու Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մայրաքաղաք» կը գրեն Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները դիտել տալով թէ այս մէկը կարելի է իրականացնել բանակցութեան ու փոխադարձ յարգանքի միջոցաւ։

Այս առընչութեամբ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան յանձնակատար՝ Գերապայծառ Փիերպաթթիսա Փիցցապալլա՝ հրաւէր ուղղեց Երուսաղէմի կղերական դասին ու հաւատացեալներուն, մասնակցելու խաղաղութեան համար աղօթքի հսկումին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 19 մայիսին՝ Պենտեկոստէի տօնի նախօրեակին, Երուսաղէմի Սէնդ Էթիէն եկեղեցւոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2018, 08:22