Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ 

Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի՝ կրօնաւորական կեանքի մասին:

Հաղորդաշար. «վանականութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթին». շարունակութիւն:

Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի, «Խորհրդածութիւնք ի Կարգս Եկեղեցւոյ եւ Մեկնութիւն Խորհրդոյ Պատարագին» իր անզուգական երկին մէջ ունի առանձին գլուխ մը, ուր կը խօսի կրօնաւորական սքեմի տուուչութեան եւ քհանայութեան հետ կապուած նորաձեւութիւններու մասին եւ կը քննարկէ եկեղեցական պատւոյ եւ աստիճանի հարցը։ Նախորդ հաղորդումներուն մէջ անդրադարձանք Սուրբ Եպիսկոպոսին տուած բացատրութիւններուն եւ մեկնաբանութիւններուն։ Այնտեղ նկարագրուած է, թէ ինչպէս է կրօնաւորական սքեմի տուուչութեան ծիսակատարութիւնը, թէ ի՛նչ աղօթքներ եւ արարողութիւններ կը կատարուին։ Կրօնաւորական զգեստը եւ մազերու խուզումը ունին իրենց խորհուրդը։ Անոնք նշան են, թէ անձ մը կը հրաժարի աշխարհէն եւ իր կեանքը ամբողջութեամբ կը նուիրէ Աստուծոյ եւ կʼապրի կրօնաւորական վարքով՝ իր հոգւոյն փրկութեան համար։ Իսկ քահանան, որ ո՛չ թէ սքեմի մը զգեստաւորումն է այլ օծում, ձեռնադրութիւն եւ կարգ, ան ո՛չ միայն իր անձի սրբութեան կը ձգտի այլ եւ պարտականութիւնն ունի ուրիշներ առաջնորդելու Աստուծոյ։ Ներսէս Լամբրոնացի կրօնաւորական կեանքը կʼանուանէ մեռելութիւն, գործածելով նոր-կտակարանային բացատրութիւնը։ Ան մեռելութիւնը կը բացատրէ իբր ամբողջական հրաժարում, անջատում աշխարհէն։ Պօղոս առաքեալ գործածելով այդ բացատրութիւնը, կʼուզէ նշել, թէ աշխարհ ոչ մէկ իշխանութիւն կամ ազդեցութիւն ունի իր վրայ. թէ ինք աշխարհի համար մեռեալ ըլլալով՝ ոչ մէկ կապ ունի աշխարհի հետ այլ ամբողջապէս կʼապրի Քրիստոսի համար եւ Քրիստոս կʼապրի իր մէջ։ Սուրբ Ներսէս ապա նաեւ կը բերէ մկրտութեան օրինակը, որ իր մէջ կը բովանդակէ Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան խորհուրդը, ուր քրիստոնեան՝ մխրճուելով ջուրի մէջ կը մեռնի, եւ ապա յարութիւն կʼառնէ Քրիստոսի հետ։ Վերջապէս Ներսէս Լամբրոնացի կը մանրամասնէ կրօնաւորական նուիրումի եւ քահանայական կարգի տարբերութիւնները։ Այսօր կը շարունակենք մեր ընթերցումը Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի երկէն, ուր ան կը մեղադրէ անոնք, որոնք քահանայական օծումը կʼընդունին, սակայն կրօնաւորի զգեստներ կը հագուին՝ առ ի ցոյցս մարդկան։ Ապա կը խօսի աղօթքի ժամանակ գլուխը ծածկ պահելու մասին, որ միայն կրօնաւորներուն վայել է, մինչ քահանան պէտք չէ գլուխը ծածկէ աղօթքի ժամանակ։ Իսկ անոնք որոնք հակառակ են այս սկզբունքին, Ներսէս Լամբրոնացի կը պատասխանէ անոնց՝ «Ապա եթէ մէկը այս խորհրդածութեան հակառակ զէնք կը վերցնէ, Պօղոս Առաքեալ կը պատասխանէ անոր՝ «մենք այսպիսի սովրութիւն չունինք, եւ ոչ ալ Աստուծոյ եկեղեցիները»։ Կը տեսնե՞ս թէ որքան հաճոյամտութեամբ դուրս մնացիր քու հայրերուդ սովորութիւններէն եւ շաւիղներէն, որովհետեւ՝ «ան որ փոքր բաներու մէջ անիրաւ է, անիրաւ է նաեւ շատին մէջ»։ Եթէ փոքր կարծուածները եւ դիւրագործելի օրէքները խախտեցինք, ի՞նչպէս հաւատարիմ պիտի ըլլանք մեծը եւ մեր մարմնին ներհակը ըստ ճշմարտութեան ուղղել։ Եթէ կը դժուարինք մեր գլուխը բանալ, ինչպէս որ Աստուծոյ օրէնքը կը պահանջէ, արդ ի՛նչպէս անոր պիտի նուիրենք գլուխը՝ ըստ մեր ստացած հրամանին։ Եւ ո՞վ դրաւ այս օրէնքը կը հարցնես. Պօղոս, Քրիստոսի բերանը, որ բոլոր յանցանքներուն փոխարէն միայն մէկ պատիժ կը դնէ, մինչ ասոր՝ ծանր եւ դժուարին պատիժ, եւ կʼըսէ թէ Քրիստոս կʼամչցնես։
Եւ ի՞նչ է առաւելութիւնը՝ գլուխը բանալու կամ չբանալու պարագային։ «Դուն ո՞վ ես ո՛վ մարդ, որ կը պատասխանես Աստուծոյ. միթէ արարածը իր արարիչին կʼըսէ՞՝ թէ ինչու՞ զիս այսպէս ստեղծեցիր։ Աստուած այդպէս սահմանեց»։ Մարդ ըլլալով, ե՞րբ հրաման առիր Աստուծոյ օրէնքին խտրիչ եւ քննող ըլլալու։ Իսկ եթէ զանց առնես զայն, յայտնի է թէ արհամարհեցիր եւ մեղանչեցիր։
Սակայն կʼըսես թէ աբեղայ եմ, եւ պարտական չեմ օրհնեալ կնգուղը վար առնել։ Գեղեցիկ, եղբայր, եւ ես ալ ադոր կը վկայեմ, որ աբեղան իշխանութիւն չունի ժողովուրդին մէջ աղօթելու, եւ ոչ ալ պատկառանքի զգեստը հանելու։ Ապա դուն որ խոնարհ կարգովդ բարձր աստիճանի վիճակուեցար (այսինքն քահանայութեան), յայտնի է թէ կրկին անգամ փոխուեցար, ինչպէս աշխարհէ՝ աբեղայութեան, այնպէս եւ աբեղայութենէ՝ քահանայութեան։ Դու՛ն, աբեղադ, որ կը քահանայագործես, պէտք է քահանայական համարձակութեամբ երեւիս. իսկ եթէ դեռ ամօթի գործով կը ծածկուինք, ուրեմն նաեւ աստիճաններու չձեռնարկենք՝ խուսափելով անմեղ շաւիղներէ, այլ մնանք մեր կրօնաւորական փոքրկութեան մէջ։»

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2018, 10:03