Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Զաւակ մեծցնելը նուիրական առաքելութիւն է

Զաւակներ մեծցնելով ծնողական աստուածահաստատ հոգիի պարտք կատարելու նման սուրբ գործ չկա՛յ այս կեանքին մէջ: Նուիրական առաքելութիւն, որուն երբեմն նոյնիսկ անգիտակցաբար կը լծուին շատ երիտասարդ ծնողներ:
Կարելի չէ՛ այդ առաքելութիւնը ժխտել, մերժել, դրժել, կամ ատոր դիմաց թումբ կանգնել: Մեր նիւթը չի՛ վերաբերիր միայն զաւակ մեծցնելու մասին, այլ՝ ընկերային կեանքի մէջ փոքր հարցերը մեծցնելու ու կեանքը բարդացնելու երեւոյթին մանին զոր պիտի քննարկենք:
Առաջին իսկ առիթով պէտք է հաստատել, թէ տարբեր մարդոց բնաւորութիւնները մեծ դեր կ՛ունենան հարցերը դիտելու ու անոնց լուծում բերելու ձեւերուն մէջ: «Որքա՛ն մարդ, այդքա՛ն բնաւորութիւն», կ՛ըսէին հիները:
Ոմանք պատահած տուեալ դէպք, դրական թէ ժխտական, շուտով մոռնալու ունակութիւնը ունին, իսկ ուրիշներ մինչեւ իսկ իրենց կեանքին վախճանը կը յիշեն որեւէ դէպք, որ պատահած է, եւ կրնան ատիկա վերապատմել ու վերստին ներկայացնել ամենայն հարազատութեամբ:
Կեանքի մէջ պատահած որեւէ դէպք մանրամասնութեամբ քննարկելը կամ լրջութեամբ դիտելը, նաեւ խառնուածքի հարց է:
«Անտարբերութիւն» պէտք չէ՛ կոչել այն երեւոյթը, երբ մարդ իր շուրջը պատահած դէպքերուն մեծ ուշադրութիւն չ՛ընծայեր. նոյնիսկ դրական կարելի է որակել այս մօտեցումը, որովհետեւ ամէն ինչով շատ հետաքրքրուողը, իր գործին չի՛ կրնար հասնիլ, ու առօրեայ իր հոգերը շա՛տ աւելի կը բարդանան:
Շրջապատի անցուդարձով շատ չհետաքրքրուող մարդուն երբեմն «անհոգ մարդ» պիտակը կը փակցնեն՝ նոյնիսկ ծիծաղի առարկայ դարձնելով զայն, երբ հարցերուն պաղարիւնութեամբ փորձէ մօտենալ ան: «Նոյնիսկ եթէ օձը վրան նետես՝ դարձեալ չի՛ շարժիր ան», կ՛ըսեն այդ անձին մասին, սակայն առանց գիտնալու, թէ ենթական պարզապէս չ՛ուզեր հետաքրքրուիլ, իր կեանքը չխճողելու եւ հանդարտութեամբ իր գործին նայելու համար միայն:
Այլ խառնուածքի տէր մարդիկ, յատկապէս՝ միշտ զուարթ երեւոյթով մանկամիտներ, իրենց շրջապատի հարցերուն մասին սովորական հետաքրքրութիւն ունենալէ բացի, հաճոյք կը զգան նոր նիւթեր իմանալէ, զանոնք քննարկելէ, մեծցնելէ ու մանաւանդ՝ ծիծաղելէ:
Եթէ հարցուի, իրենց իմացածը մեծցնող եւ զարդարուն պատմուճանով ներկայացնող մանկամիտներուն, թէ ի՞նչ է իրենց շահը այդ բոլորին մէջ, անոնք վստահաբար պիտի չկարենան պատասխան տալ, որովհետեւ անոնց խելքի սահմանափակութիւնը չ՛արտօներ նոյնիսկ այդ պահուն յարմար պատասխան յօրինել տրուած հարցումին, ու անոնք կը բաւարարուին ծիծաղելով, այդպիսով՝ առաւել եւս հաստատելով իրենց մանկամտութիւնը:
«Մրջիւնը փիղի մի՛ վերածեր» խրատը յաճախ լսուած կրնայ ըլլալ, ուղղուած՝ ոչինչէն մեծ խնդիրներ յարուցանող մարդոց: Պատկերաւոր այս բացատրութիւնը կը տրուի առհասարակ վերոյիշեալ միջատին ու ամէնէն հսկայ կենդանիներէն՝ փիղին համեմատական տարբերութիւնը օրինակ ծառայեցնելու համար: Մէկուն աննշան փոքրութիւնը, իսկ միւսին անժխտելի հսկայութիւնը ընկերային կեանքի մէջ փոքր հարցերը մեծցնելու լաւ օրինակ կը ծառայեն:
Անցեալին պատահած որեւէ դէպք, անոնք նոր ախորժակով ու նոր եռանդով կը վերապատմեն, յիշողութեան արթնութիւնը կորսնցուցած ծերունիներու նման, որոնք միեւնոյն անձին, միեւնոյն պատմութիւնը, միեւնոյն բառերով ու միեւնոյն ընդհատումներով կը պատմեն՝ կարծելով, թէ առաջի՛ն անգամ ըլլալով կը ներկայացնեն այդ:
Շատ փոքրիկ տարիքի երեխաներու դաստիարակութեան լծուած մանկավարժներու յատուկ վերաորակաւորման դասընթացքներ կը կազմակերպուին համապատասխան կրթական մարմիններու կողմէ, պարզապէս մասնագիտօրէն անոնց ուղղութիւն տալու, որպէսզի չազդուին մանուկներու պարզամտութենէն, այլ՝ ընդհակառակը, անոնց միտքի արթնութեան օգտակար հանդիսանան՝ սրամիտ խօսքերով ու անոնց տրամաբանութիւնը շարժման մէջ դնող խաղերով:
՝՝ Մի՛ մեծցներ՝՝:
Այս պարզ խրատին ետին կայ շա՜տ մեծ իմաստ, որ մարդկութեան կեանքին մէջ յառաջ եկող դժուարութիւններու լուծման բանալին է: Եթէ ամէն տեսածդ, ամէն լսածդ, ամէն խօսածդ, ամէն տեղ պիտի ըսես, փիղէն աւելի մեծ կենդանիի օրինակը պէտք պիտի ըլլայ՝ կատարած աւերդ ներկայացնելու համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2018, 14:11