Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Հրամայելու արարքին մէջ երկու կողմեր գոյութիւն ունին սովորական տրամաբանութեամբ:

Հրամայէ՛
Քաղաքավարութեան դէմ եղող ՝՝Հրամայէ՛ ՝՝ արտայայտութիւնը, այսինքն՝ ոմանց մօտ յայտնուող այս անքաղաքավար վարմունքը ընկերային կեանքի, ՝՝իբրեւ խրատ չի՛ տրուիր՝՝ այստեղ:
Ըսենք թէ՝ ՝՝հրամայելն ալ՝՝ իր կարգին, ունի իրեն վերապահուած յատուկ պահը:
Այսպէս, բանակի հրամանատարը պատերազմի հրահանգ տալու այլ ոճ կամ ձեւ չունի՛, բայց միայն՝ հրամայել: Ան պէ՛տք է հրամայէ իր զինուորներուն, որպէսզի անոնք կարենան ճի՛շդ պահուն կրակ բանալ թշնամիին վրայ, այլապէս կը կորսնցնեն ճակատամարտը:
Հրամայելու արարքին մէջ երկու կողմեր գոյութիւն ունին սովորական տրամաբանութեամբ: Առաջին կողմը, եթէ հրամայողն է, միւս կողմն ալ այդ հրահանգին ենթարկուողն է: Ուրեմն հրամայող եւ հրամայուող կողմերը երկու ենթականեր են, որոնցմէ մէկը միւսէն կախեալ է:
Բանակի եւ կամ կարգապահական այլ հաւաքական կեանքի պայմաններէն դուրս, սակայն, հրամայելու այս երեւոյթը յատկապէս ընկերային սովորական կեանքի մէջ, ունի իր պատճառները: Հրամայող անձը կա՛մ մանուկ տարիքէն այդպէս դաստիարակուած կ՛ըլլայ, եւ կամ՝ հետագային իր մտատիպար ընտրած անձը ընդօրինակելով, անոր նմանակը դարձած:
Տեսնուած է, որ նոյնիսկ հրամայելու պահուն, կրկնօրինակը ձայնային նոյն ելեւէջներով հրամայած է, այնպէս ինչպէս իր մտատիպարը կը հրամայէ:
Հրամայողը իր հրամայած պահուն ինք իր անձը չըլլար, այլ կը կարծէ թէ ա՛յն անձն է, որուն ձայնով կը հրամայէ: Օրինակ, մէկը հրամայած ատեն կը կարծէ, թէ իր երկիրի զօրքերու ընդհանուր հրամանատարն է: Միւսը կը կարծէ, թէ դպրոցի տնօրէնն է: Աշակերտը հրամայած ժամանակ կը կարծէ, թէ դպրոցի ընդհանուր հսկիչն է, եւ այսպէս շարունակաբար, մինչեւ ամէնէն խոնարհ աստիճանի վրայ գտնուող հրամայողին կրնայ նմանիլ մոլեկանը, երբ հոգեբանական նոյն վիճակին մատնուած է:
Մարդու կողմէ մարդուն ուղղուած հրամայելու արարքէն բացի, նիւթը ի՛նք եւս կրնայ մարդուն հրամայել, եւ հակառակը՝ մարդն ալ նիւթին: «Նիւթ» կամ «նիւթական» ըսելով, ներկայ քաղաքակիրթ աշխարհը «դրամ» կամ «հարստութիւն» կը հասկնայ առհասարակ: Որքա՞ն նիւթական հարստութիւն ունի, կամ որքա՞ն նիւթական եկամուտ ունի այսինչը կամ այնինչը: Ասոնք դարձած են սովորական հարցումներ, որոնք վաստակաշատ մարդու թէ սկսնակի համար կը տրուին ներկայ ժամանակներուն: Դեռ իր ուսումը նոր աւարտած ու գործի ասպարէզ նետուած երիտասարդին համար ալ կ՛ըսեն, թէ տարեկան որքա՞ն դրամ պիտի վաստակի արդեօք:
Նիւթապաշտական դարու մէջ ապրելու իրողութիւնը ո՛չ ոք կ՛ուրանայ, բայց ամբողջովին նիւթի տիրապետութեան տակ մտնելն ալ անընդունելի է: Միշտ խօսուած է նիւթը նպատակ չդարձնելու, այլ՝ միջոց դարձնելով բուն նպատակին հասնելու մասին. անոր նկատմամբ ճշգրիտ մօտեցում որդեգրելն է, որպէսզի իր հակակշռին տակ չ՛առնէ մեզ:
_ Դո՛ւն հրամայէ դրամին եւ ո՛չ թէ դրամը թող հրամայէ քեզի:
՝՝Այո՛, հրամայէ՛ դրամին, եթէ կրնաս՝՝:
Բայց եթէ չկարենաս, գէթ մի՛ արտօներ, որ ի՛նք հրամայէ քեզի: Յարաբերական հեռաւորութիւնդ իրմէ կրնայ միջին լուծումը ըլլալ այս այժմէական ու բարդ խնդիրին:


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2018, 09:43