Որոնել

Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրը։ Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրը։ 

Մարեմեան ամսուայ եզրափակումը Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ։

Տարիներու ընթացքին աւանդութիւն դարձած է Մարեմեան ամսուայ եզրափակումը կատարել Վատիկանի պարտէզներուն մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան  

Հինգշաբթի 31 Մայիս 2018-ին, կ՛եզրափակուի Աստուածամօր ջերմեռանդութեան նուիրուած ամիսը որուն ընթացքին աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ ջերմեռանդական յատուկ արարողութիւններ  կազմակերպուեցան, յատկապէս Սուրբ Վարդարանի աղօթքով ու Աստուածամօր նուիրուած Լիթանիայի երգեցողութիւններով, մեծարելու համար Աստուածամայրը` Յիսուսին ու մեր Մայրը։

Տարիներու ընթացքին աւանդութիւն դարձած է Մարեմեան ամսուայ եզրափակումը կատարել Վատիկանի պարտէզներուն մէջ։

31 մայիսի երեկոյեան ժամը 8-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ նախատեսուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթք, որ սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Ստեփանոսի Եկեղեցիէն ապա վարուած ջահերով, թափօրով կ՛ուղղուի մինչեւ Վատիկանի Պարտէզներու` Լուրտի Քարայրը ուր կ՛արտասանուի Լիթանիան ու տեղի կ՛ունենայ՝ Քահանայապետի Վատիկան Քաղաքի տեղակալ՝ Կարդինալ Անճելօ  Քոմասթրիի հակիրճ խորհրդածութիւնը։

Վերոնշեալ արարողութեան կարող են ընդհանրապէս մասնակցիլ միայն Վատիկանի աշխատակիցներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2018, 08:38