Երանելի Քոյր Քլարա Ֆէյ Երանելի Քոյր Քլարա Ֆէյ 

Երանելի կը հռչակուի Քոյր Քլարա Ֆէյ:

Գերմանիոյ մէջ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն կը նախագահէ քոյր Քլարա Ֆէյի երանացման արարողութեան

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Շաբաթ, 5 մայիս 2018-ին, Գերմանիոյ Աքուիսսկրանա քաղաքին մէջ երանելիներուն շարքին կը դասուի Աստուծոյ աղախին քոյր Քլարա Ֆէյ: Երանացման արարողութեան կը նախագահէ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն:

Քոյր Քլար Ֆէյ ծնած է Գերմանիոյ Աքուիսկրանա քաղաքին մէջ 11 ապրիլ 1815-ին,  ապա 79 տարեկանին ՝ 8 մայիս 1894ին, հոգին աւանդած է առ Աստուած Հոլանտային՝ Սիմփելվելտ  քաղաքին մէջ:

Ան եղած է հիմնադրուհին «Աղքատ մանուկ Յիսուս»ի մայրապետներու միաբանութեան:

Անոր գործերուն համբաւը տարածուած է համայն աշխարհին մէջ շնորհիւ բազմաթիւ բարեսիրական գործերուն, որոնք նպատակ ունին Յիսուսին  ծառայելու՝ օժանդակելով երիտասարդներուն, մանուկներուն ու մասնաւորապէս կարիքաւորներուն: 

Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ անդրադառնալով Քոյր Քլարայի մասին, յայտնեց թէ Քոյր Քլարան իր առօրեայ կեանքի  պարականութիւններու կեդրոնը միշտ  նկատած է  Յիսուսը Քրիստոսը, Յիսուսին  հանդիպելով մերձաւորին մէջ:

Անոր օրինակն ու ուսուցումը տակաւին կենդանի է իր միբանակից քոյրերուն սրտին մէջ, որոնց յաճախ հետեւեալը կ՝ըսէր.  

«Կարիքը ունիմ  միշտ Յիսուսի կառչած մնալու, նման  խաղողի որթատունկի ճիւղին , ապա թէ ոչ իմ հաւատքս կը ցամքի»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2018, 13:26