Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Ամէնէն հաճելին վերջինն Է

Մարդուն համար հաճոյալի ամէն բան սիրելի է: Երջանկութիւնն ու հաճոյքը յաճախ կը նկատուին մարդկային կեանքը երկարատեւ դարձնող երեւոյթներ: Այսպէս, երբ հաճելի խրախճանքէ ու ճոխ մթնոլորտի մէջ ապրուած քանի մը ժամերէ դուրս գան, ոմանք անկեղծ խոստովանութեամբ կ՛ըսեն. «Այսօր կեանքս տասը տարիով երկարաձգուեցաւ»: Խորքին մէջ ո՛չ մէկ բան փոխուեցաւ: Ինչ որ սահմանուած է իրեն համար իբրեւ կեանքի տեւողութիւն, այդքա՛ն պիտի ապրի ան, սակայն հոգեկան գոհունակութիւնը եւ բաւարարուածութեան այն խոր զգացումը, զորս ան ունեցած է այդ քանի մը ժամերուն ընթացքին, ա՛յդ տպաւորութիւնը թողած են իր վրայ:
Կեանքի հաճոյքներու մասին խօսած ատեն երբեմն այնպէս կը թուայ, թէ անոնց ցուցակը անվերջանալի է: Անոնք ուղղակի կ՛առնչուին մարդու խառնուածքին ու մանաւանդ ստացած ընկերային ու ընտանեկան դաստիարակութեան: Օրինակ՝ ինքնաշարժ սիրող ու անոր ամէնէն նոր տեսակներուն հետամուտ ծնողներու զաւակները, դեռ շա՜տ մատղաշ իրենց տարիքէն նոյն սէրը ունեցած են եւ նոյնիսկ գերազանցած են իրենց ծնողները այդ բնագաւառէն ներս:
Հաճոյքները նախընտրութեան հարց են նաեւ: Անոնք կրնան բազմազան ու տարաբնոյթ ըլլալ, սակայն անոնց մէջ ալ կարելի է տեսնել «նուիրապետութիւն» կամ անոնցմէ ոմանց ալ կարելի է տալ նախապատուութիւն:
Հաճոյք բառը ինքնին միշտ ժխտական իմաստով ըմբռնուած է: Մէկուն մասին «հաճոյքը սիրող է» երբ ըսուի, ընդհանրապէս կը հասկցուի անոր զեղխ կեանքով ապրիլը, շռայլութիւնը, մոլութիւններու մէջ ինկած ըլլալը եւայլն: Մինչդեռ հաճոյք բառը ինքնին չէզոք իմաստով գոյութիւն ունի մեր լեզուի բառարանին մէջ ու բնա՛ւ դրական կամ ժխտական գունաւորում չունի, եթէ անոր կողքին չդնենք այդ հաճոյքը որակող օժանդակ բառ մը: Օրինակ, երբ դրական իմաստով պիտի գործածենք հաճոյք բառը, անոր քով դրուած բառը պէտք է դրական երեւոյթ ներկայացնէ, ինչպէս՝ ընթերցանութեան հաճոյք, պարելու հաճոյք, երաժշտութիւն ունկնդրելու հաճոյք: Իսկ երբ ժխտական իմաստով պիտի գործածենք նոյն բառը, անոր կողքին դրուած բառը պէտք է բացասական երեւոյթ ներկայացնէ, ինչպէս՝ տանջելու հաճոյք, շաղակրատելու հաճոյք, բամբասելու հաճոյք եւ այլն:
Երկու պարագաներուն ալ զգացուած հաճոյքը, դրական եւ ժխտական գունաւորումներով, զայն զգացող մարդու նկարագիրին ու կազմաւորման բարացուցիչը կը դառնայ:
Ամէն մարդ կը սիրէ նոր եփուած ճաշին երեսը ուտել, ինչպէս կը սիրէ ուտել եփուած փիլաւին յատակը, ուր բրինձը ամբողջութեամբ իւղալի կ՛ըլլայ ու փափուկ: Սակայն իր այս նախընտրութիւններուն կողքին, մարդուն համար սիրելի պէտք է ըլլայ նաեւ կռիւին վերջը:
Խաղաղարարութեան մասին խօսելով ըսենք որ, ՝՝բարոյական մարդը պէ՛տք է հաճոյք ստանայ հակառակութեան վերանալէն եւ ո՛չ թէ աւելիով հրահրէ բռնկած կացութիւնը՝՝:
Խաղաղարարի առաքինութիւնը քիչերուն տրուած յատուկ շնորհք է: Տեսնուած է, թէ ինչպէս ոմանք երկու կռուող անձերու միջեւ նոյնիսկ հաշտատարի իրենց դերակատարութեան ընթացքին հարուածներ կը ստանան ու կը տուժեն:
Քաղաքակիրթ ներկայ աշխարհը, հակառակ իր ապրած յառաջդիմութիւններուն ու մագլցող գիտական զարգացումներուն, հակամարտութիւններէն չափազանց հաճոյք կը ստանայ: Ահա սովորական «հաճոյք» բառը, որուն քով երբ դրինք հակամարտութիւն բառը, զայն վերածեց բացասական զգացումի, անկանխատեսելի հետեւանքներով:
Կարելի՛ է յօրինել հաճոյքի տարբեր պատճառներ, որոնք դարձեալ կրնան մեր նմաններուն հետ առնչուած ըլլալ: Կարեկցութիւնը մեզմէ աւելի թշուառներուն՝ այնպիսի՛ հաճոյք կրնայ պատճառել, որ համազօր է եփած ճաշին երեսը, իսկ փիլաւին յատակը ուտելուն: Եթէ ունիս այդ ախորժակը, ուրեմն կռիւին վերջն ալ սիրէ՛ ու կարեկցութիւն ցուցաբերէ՛ ուրիշին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2018, 09:38