Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. Հաղորդաշար

Կեանքին Ունեցած Պարտքդ

Իրաւունք կու տամ ամէն մարդու, որ կը սարսափի պարտքէն: Ծերունի մը այս մասին իր արձանագրած խրատը օր մը յանձնեց ինծի, որուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուցած էր պարտքէն իր ունեցած սարսափին, եւ անոր փարատումին մէջ անծանօթ բարերարի մը կատարած բարիքին: Կեանքի մէկ դժբախտ պատահարին բերմամբ սնանկացած այս մարդը, իր արձանագրած խրատին մէջ այնքան նուիրականութեամբ կը շեշտէ, թէ իրեն եղած այս բարիքը պէտք է սերունդէ սերունդ յիշուի իր գերդաստանին մէջ:

Պարտատէրի եւ պարտապանի աստուածաբանական հասկացողութիւնն ալ տրուած է Աստուածորդիին կողմէ, զոր ամէն անգամ «Հայր մեր»ը արտասանած ժամանակ կը յիշենք: Մենք մեր պարտապաններուն՝ մեզի դէմ յանցանք գործած մարդոց ներելով, Աստուած ալ, Իրեն ունեցած մեր «պարտքերը»՝ մեր յանցանքները կը ներէ:

Գործի մէջ ունեցած ձախորդութեամբ պարտքերու տակ թաղուիլը, տարբեր տեսակի պարտապան կը դարձնէ մեզ, քան՝ մեր սխալներու հետեւանքով կուտակուած նիւթական թէ բարոյական պարտքերու տակ մնալը: Գիտակից ու իր պարկեշտութեան նախանձախնդիր մարդը վստահաբար շուտով կ’ուզէ «մարել» իր պարտքերը եւ կը սոսկայ նորերը աւելցնելէ: Այս է պատճառը, որ իր պարտքերուն նկատմամբ բծախնդիր եղող անձը, նաեւ իր պարկեշտութեան նախանձանխնդիր կ’ըլլայ:

Ամէն մարդ այս աշխարհի վրայ, կեանքին նկատմամբ ունի մեծ պարտք մը, որ Աստուած դրաւ անոր ուսերուն, եւ զոր անպայման պէտք է վճարէ ան՝ աշխատանք:

Աշխատութիւնը մարդուն ճիտին պարտքն է: Այսպէս կը սորվեցնէ մեզի Աստուածաշունչը, որովհետեւ մարդուն դրախտէն վտարման ընթացքի՛ն տրուած Աստուծոյ անէծքով յառաջ եկաւ այս մեծ «պարտքը»: Պարտք մը, որ սակայն մտահոգութիւն ու տագնապ չի ծնիր, այլ դրական իմաստով զբաղում մը, որ միաժամանակ ծուլութեան ախտին յաղթահարումը կ’ապահովէ:

«Երեսիդ քրտինքով պիտի ուտես հացդ»: Ա՛յս եղաւ Աստուծոյ անէծքը (հմմտ Ծն 3.19): Անգործութիւնը չարիք կը ծնի, կ’ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Ամբողջութեամբ ճշմարիտ է խօսքը, որովհետեւ անգործութիւնը նաեւ մարդկային մտքի չարացման ուղին կը հարթէ, որ աղբիւրն է ամէն տեսակ թէ՛ չարիքի եւ թէ բարիքի:

Մարդկային ցեղի պատմութեան ընթացքին մեծ համբաւ ունեցած ու նոյնքան ալ մեծ վաստակ թողած մարդիկ, միշտ հաւատացած են աշխատանքին: Երբեմն նոյնիսկ մեծ հանճարներ, հակառակ իրենց աստուածատուր կարողութեան, դարձեալ աշխատանքը կը գովեն, ու համեստօրէն զանիկա կը ներկայացնեն իբրեւ պատճառ իրենց արձանագրած յաջողութեանց:

Աշխարհահռչակ իտալացի արուեստագէտ Միքէլանճէլոն, որուն համար յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ աշխատանքի անսահման ուժին մէջ, կը պնդէ, որ մարդու մտքին մէջ երեւակայուած որեւէ կերպար, անպայման կարելի է մարմարին վրայ քանդակել, եթէ կորովի ու ճարտար ձեռքը արուեստագէտին, հնազանդի անոր մտքին: Իր կենսագիրը ներկայացնելով անոր առօրեան, կ’ըսէ, թէ ան յոգնիլ չէր գիտեր: Գիշեր ատեն ընդոստ կ’արթննար ու դարձեալ կը սկսէր աշխատանքի:

Այս հանճարը ունէր նաեւ խորհրդանշան մը, որ զինք կը ներշնչէր իր աշխատանքին մէջ: Աշխատանքի պահուն, Միքէլանճելօ իր դիմաց կը դնէր սայլի մը մէջ նստած ծերունիի մը պատկերը, որուն հագած գոգնոցին վրայ գրուած էր «ես կ’ուսանիմ տակաւին»: Դարձեալ համբաւաւոր մեծ երաժիշտներ՝ Մոցարթ, Պէթհովէն ու Սեպասթիէն Պախ, աշխատութեան մէ՛ջ տեսած են մարդուն արժէքը ու յաջողութիւնը:

Մեծ մարդոց յատուկ աշխատանքի այս եռանդը, անոնց մտքին մէջ արթնցուցած է վճարելի «պարտք»ի մը գիտակցութիւնը, զոր մարդ ունի այս կեանքին նկատմամբ: Այս պարտքի գիտակցութիւնն է որ ծնունդ տուած է անժամանցելի ու անգին մշակութային արժէքներու, զորս կը վայելէ մարդկութիւնը այսօր: Հանճարեղ կարողութիւնը յերկնուստ տրուած պարգեւ է մարդուն: Սակայն ի՞նչ կ’արժէ անիկա, երբ աշխատութիւնը իբրեւ շարժակ, կեանքի չկոչէ այդ շնորհքը: Ինչքա՜ն մարդիկ, ամէն օր, ժամանակը կը սպաննեն ծուլութեամբ: Ոմանք ժամանակը ինչպէ՞ս վատնելու համար մտածելու ալ ժամանակ կը տրամադրեն, որ շա՛տ աւելի մեծ մեղք է, քան՝ անգիտակից կերպով ժամանակ սպաննելը:

Այսօր մարդիկ երանի՜ կու տան այն մարդուն, որ իր պարտատէրերուն հանդէպ ունեցած բոլոր պարտքերը՝ նիւթական ու բարոյական, փակած կը հեռանայ այս կեանքէն: Ոմանք իրենց նիւթական ու բարոյական պարտքերը իրենց զաւակներուն վրայ թողած, անպատասխանատու կերպով զանոնք պարտքերու տակ կը թաղեն, ու այդպէս հրաժեշտ կ’առնեն այս կեանքէն…: Ամէնէն անփոյթ ծնողքը այն է, որ նման կացութեան կը մատնէ իր զաւակները: Իսկ ինչքա՜ն հանգիստ պիտի ըլլայ այն մարդուն խիղճը, որ իր պարտամուրհակները պատռած, ու իր բոլոր պարտքերուն վրայէն գիծ քաշած, կ’անցնի անդենական կեանքը…:

Երանելի՜ է այն մարդը, որ կեանքին հանդէպ ունեցած իր պարտքը՝ իր ստեղծագործ արդար աշխատանքը վճարած, կը մտնէ պատմութեան խորքը…:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2018, 08:42