Որոնել

Զուիրեցական պահակագունդի անդամներ Զուիրեցական պահակագունդի անդամներ 

6 Մայիսին Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդը կ՛ունենայ 33 նոր անդամներ։

Զուիցերական պահակագունդին պարտականութիւնն է երաշխաւորել Սրբազան Քահանայապետին անմիջական պաշտպանութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Ի յիշատակ եւ ոգեկոչում՝  6 Մայիս 1527-ին, Հռոմի թալանումի ընթացքին զուիցերացի 147 պահակներու զոհաբերումին, ի պաշտպանութիւն Կղեմես Է Պապին, յառաջիկայ 6 մայիս 2018-ին յետմիջօրէին, առաքելական պալատի ''Սան Տամազօ'' ներքնափակին մէջ տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի 33 նոր անդամներու երդման արարողութիւնը, որ կը նախագահէ Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ` գերապայծառ Փաոլօ Պորճա, ի ներկայութեան Զուիցերական կառավարական, եկեղեցական եւ դիւանագիտական  իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն։  

Երդման արարողութենէն առաջ 6 մայիսի առաւօտեան 7,30-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ  նախատեսուած  է նաեւ Սուրբ Պատարագ՝  զոր կը  գլխաւորէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Յայտնենք թէ Վատիկանը` աշխարհի ամենափոքր պետութիւնն է սակայն ունի աշխարհի ամենահին բանակներէն մին` Զուիցերական պահակագունդը, որուն պարտականութիւնն է երաշխաւորել Սրբազան Քահանայապետին անմիջական պաշտպանութիւնը, հսկելով Վատիկանի բոլոր մուտքերուն վրայ։

Զուիցերական պահակագունդին մաս  կազմելու համար հարկաւոր է ըլլալ Զուիցերացի քաղաքացի, Կաթողիկէ, Զուիցերական բանակին մէջ ծառայութիւն մատուցել, 18 - 30 տարեկան, ունենալ առ նուազն 174 սմ հասակ, ամուրի, եւ ունենալ ուսման բարձրագոյն վարժարանի վկայական։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2018, 13:01