Որոնել

FILES-COMBO-IRAQ-CONFLICT-MOSUL-RECONSTRUCTION FILES-COMBO-IRAQ-CONFLICT-MOSUL-RECONSTRUCTION 

Իրաքի քրիստոնեաները իրենց տուները կը վերադառնան.«ՏԵՕ» հաստատութեան հաղորդագրութիւնը

Իրաքի Նինւէ քաղաքի վերակառուցման աշխատանքները եւ Իրաքի Քրիստոնեաներուն ի նպաստ զօրակցական ծրագիրները կը շարունակուին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ, 2018 ին, Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետկաան բարեսիրական հաստատութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ տեղեկացուց թէ Իրաքի Նինւէ քաղաքի վերակառուցման աշխատանքները եւ Իրաքի Քրիստոնեաներուն ի նպաստ զօրակցական ծրագիրները կը շարունակուին:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ 25 մարտ 2018ի դրութեամբ, ահաբեչկչական խմբաւորումներու բռնութիւններէն փախուստ տուող 19.452 ընտանիքներուն 42 առ հարիւրը՝ այսինքն 8.213 ընտանիքներ արդէն վերադարձած են Նինւէ քաղաք:

13.088 ամբողջութեամբ քանդուած բնակարաններու 3249 –ը արդէն իսկ վերակառուցուած են, որոնց աշխատանքները կը համակարգէ 27 մարտ 2017-ին հիմնուած յատուկ կոմիտէ մը՝ բաղկացած Իրաքի երեք եկեղեցիներէ՝ Քաղդէացի, Ասորի կաթողէ եւ Ասորի օրթոտոքս կեղեցիներէն, համագործակցութեամբ տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան:

Վերոնշեալ կոմիտէի անդամ Քաղտէացիներու թեմի ընդհանուր տեղակալ՝ Հայր Սալար Պուտակիի փոխանցմամբ Նինւէ քաղաք վերադարձնողներու առաջինները եղած են քրիստոնեաները, շնորհիւ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան, հակառակ որ երկրին մէջ տակաւին կը գոյատեւէ ՝ Քուրտիստանի եւ Պաղտատի պետութեան միջեւ տիրող ծանր լարուածութեան պատճառած տագնապը:

Հայր Սալար Պուտակ ապա իր մտավախութիւնը յայտնած է յառաջիկայ 12 մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն առումով, որ «պատճառ կը դառնայ երկրին մէջ նոր անկարգութիւններու» ըսած է Ան :

Նշենք, թէ 2014-ին յունիս ամսունէ ի վեր, Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը. Իր անխոնջ աջակցութիւնը տուած է մարդասաիրական շտապ օգնութեան ծրագիրներուն, դրամահաւաքներու միջոցաւ յատկացնելով աւելի քան 37703054 եւրօ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2018, 13:15