Հայր Եղիշէ  Ճանճի Հայր Եղիշէ Ճանճի 

Հալէպ. Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած է հայ կաթողիկէ կղերի անդամ՝ Հայր Եղիշէ Ճանճին

Ցաւալի պատահարին մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Բերիոյ թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հալէպի մէջ ինքնաշարժի ծանր արկածի հետեւանքով մահացած է հայ կաթողիկէ կղերի անդամ՝ Հայր Եղիշէ  Ճանճին: Ցաւալի  պատահարին մասին  հաղորդագրութիւն հրապարակեց Բերիոյ թեմի  հայ  կաթողիկէ առաջնորդը որուն մէջ տեղեկացուց, թէ հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 26 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Այցելութիւնները տեղի պիտի ունենան առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ ժամը 1:00, իսկ երեկոյեան ժամը 4:00-էն մինչեւ ժամը 8:00-ը: Յետ թաղման կարգին, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին, Ս. Խաչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00-ը, ինչպէս նաեւ Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ ժամը 1:00:

Առաջնորդ  Սրբազան  Հայրը այս տխուր  առիթով  ցաւակցութիւններ յղած է  հանգուցեալ վարդապետի հարազատներուն եւ մտերիմներուն:

Հայր Եղիշէն 1985 թուականի ծնունդ էր. Սկզբնական ուսումները  ստացած է իր ծննդավայր Հալէպի մէջ, ապա յաճախած է Հալէպի Սուրբ Վարդան փոքր նորընծայարանը եւ 2003-ին մեկնած է Լիբանան՝ Զմմառու Վանք ու յաճախած է Լիբանանի Պօղոսեան համալսարանի  Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական մասնաճիւղերը մինչեւ 2008 թուական, որմէ ետք փոխադրուած է Հռոմ՝ Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան ուր շարունակած է Աստուածաբանական ուսումները, յաճախելով Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանը, մինչեւ 2010 թուական։ Նոյն թուականին ձեռնադրուած է Քահանայ՝ ձեռամբ Արհ. Պետրոս Արք Միրիաթեանին, Հալէպի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։ 

Ան փոքր հասակէն սիրած է երաժշտութիւնը եւ ըլլայ Լիբանանի մէջ, ըլլայ Հռոմի մէջ, նորընծայութեան շրջանին, հետեւած է երաժշտական ուսումներուն, ուր ձեռք բերած է նուագախումբի ու երգչախումբի  «ղեկավարութեան» վկայականը։ Հալէպ վերադարձին հիմնած է «Նարեկացի» անուամբ նուագախումբը։ 

Քահանայ ձեռնադրուելէն ետք, Հալէպի մէջ ստանձնած է Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ եղած է հիմնադիրը  «Նուր Սաթ» հեռուստակայանի Հալէպի մասնաճիւղի Կաթողիկէ Համայնքի տեղեկատուական բաժնին,  Ան ապա վարած է «Մարիամ հասարակութեան» ու այլ եկեղեցական եղբայրութիւններու հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը, որոնց շարքին՝ Սուրբ Խաչ ժողովրդապետութեան սկաուտները, Սրբուհի Ռիթա ընկերակցութիւնը եւ այլք։

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը, որ մօտէն ճանչցած է հանգուցեալ Վարդապետը, սրտի խոր ցաւով կը միանայ բոլոր անոնց որոնք այսօր կ՛ողբան անոր անակնկալ մահը, աղօթքներ բարձրաձնելով առ Աստուած, որպէսզի զայն ընդունի իր Արքայութեան մէջ ու յաւիտենական հանգիստ շնորհէ Իր  այս հաւատարիմ ծառային։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2018, 15:38