Beata Hanna Chrzanowska Beata Hanna Chrzanowska 

Քրաքովիոյ մէջ երանելի կը հռչակուի աշխարհական քոյր Աննա Չրզանովսքան

Նորահռչակ Երանելի Աննա Չրզանովքա եղած է անուանի հիւանդապահուհի մը եւ սերտօրէն աշխատակցած է Սուրբ Յովհաննէս Բ Պապին հետ Լեհաստանին մէջ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 28 ապրիլ 2018-ին, Քրաքովիոյ մէջ երանելի կը հռչակուի Քոյր Աննա Չրզանովսքան: Երանացման արարողութեան կը նախագահէ Սուրբերու դատի ժողովին կառավարիչը՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ:

Քոյր Հաննա Հելենա ծնած է Լեհաստանի Վարսավիա քաղաքին մէջ 7՝ հոկտեմբեր 1902-ին, Կաթողիկէ եւ Բողոքական ընտանիքի զաւակ:

Ռուսական յեղափոխութեան շրջանին ան խնամք տարած է վիրաւորուած զինուորներուն ապա հասկնալով որ իր կոչումը հիւանդապահուհի դառնալ է հետեւած է հիւանդապահուհի դասընթացքներուն՝ մասնագիտանալով Ֆրանսայի մէջ:

1937-ին, Քոյր Աննա, Լեհաստանի մէջ իր նպաստը բերած է հիւանդապահներու ընկերակցութեան մը հիմնադրութեան: Համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին ան կազմակերպած է նաեւ տնային հիւանդներու խնամակալութիւն, օգտակար դառնալով հազարաւոր՝ գաղթականներուն:

Յայտնենք թէ Աննա Չրզանոսվքա հիւանդներու տնային հոգատարութեան ծրագիրի նախաձեռնութեամբ, սերտօրէն աշխատակցած է հայր Քարոլ Վոթիլայի հետ որ ապագային դարձաւ ՅՊԲ քահանայապետը, ապա Սուրբ :

Համաշխարհային Բ պատերազմի աւարտին ան մատակարարած է փոքրիկ բուժարան մը, որուն մէջ ոչ միայն զբաղած է տնտեսակաան հարցերով այլ մօտիկ գտնուած է հիւանդներուն անոնց խնամք տանելով:

Քոյր Աննա մահացած է 28 ապրիլ 1973-ին, քաղցկեղի հիւանդութեան պատճառաւ: Անոր երանացման դատը սկիզբ առած Քրաքովիոյ թեմին մէջ 3 նոյեմբեր 1997-ին:

Մարտիրոսական առաքինութիւններու հրամանագիրը հրապարակուած է 30 սեպտեմբեր 2015-ին: Ապա 7 յուլիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ վաւերացուած է Աստուծոյ աղախին Աննայի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքի վաւերականութեան հրամանագիրը, արտօնելով զայն երանելի հռչակել:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2018, 11:57