Որոնել

Հալէպի աւերակները Հալէպի աւերակները 

Հալէպի առաքելական փոխանորդը. Աշխարհի ուժերը պատրուակ կը փնտռեն երկիրը քանդելու համար։

«Բնակչութիւնը մեծապէս մտահոգ է» կ՛ըսէ գերապայծառ Ապու Խազէն մատնանշելով այն իրողութեան թէ «կարծես շատեր պատրուակ կը փնտռեն երկիրը քարուքանդ ընելու համար»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրիոյ մէջ վերջին անցուդարձները կը փաստեն թէ այս երկիրը խաղաղ ձգելու ոչ մէկ կամք կայ։ Ընդհակառակը, կարծես թէ շրջանային դերակատարներ եւ համաշխարհային ուժեր, պատրուակ կը փնտռեն, աւելի ծանր կերպով միջամտելու ու պատերազմելու»։ Այս կը յայտարարէ Հալէպի Լատիններու առաքելական փոխանորդ՝ Գերապայծառ Ժորժ Ապու Խազէն «Ասիա Նիուզ» գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը առթիւ, ուր ապա կը մատնանշէ թէ Սուրիան՝ ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդէն խնդրած է «հետախուզական յանձնախումբ» մը ուղարկել քննարկելու համար վերջին օրերուն տեղի ունեցած հարցերը, սակայն հակասուրիական խումբը «Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Պրիթանիան եւ Ֆրանսան» որեւէ փոխզիջում չեն ուզեր ընդունիլ։

Գերապայծառ  Ժորժ Ապու Խազէն ակնարկելով Սուրիոյ ի նպաստ Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ օրերուն ուղղած կոչին, կը հաստատէ թէ «Անոր խօսքերը կը համապատասխանեն մեր ամենամեծ իղձին՝ խաղաղութիւնը»։

«Բնակչութիւնը մեծապէս մտահոգ է» կ՛ըսէ գերապայծառ Ապու Խազէն մատնանշելով այն իրողութեան թէ «կարծես  շատեր պատրուակ կը փնտռեն երկիրը քարուքանդ  ընելու համար»։ Ան ապա յոյս կը յայտնէ որ վերադարձ կատարուի երկխօսութեան ու խաղաղութեան տրամաբանութեան «որուն համար ամէն օր կ՛աղօթենք»։

«Հարկաւոր է հասնիլ բաժնեկցուած լուծումի, հիմնուելով ճշմարտութեան վրայ, առանց որուն կարելի չէ հանգիլ խաղաղութեան, մինչ պատերազմի հետեւանքներուն ամէնասուղ գինը կը վճարեն սուրիացի ընտանիքները, որոնք արդեն այս անվերջ պատերազմի պատճառաւ կ՛ապրին տնտեսական, ընկերային ու բարոյական յետին յուսալքումի մէջ» ըսած է Հալէպի Լատիններու Առաքելական Փոխանորդը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2018, 12:19