Որոնել

SWITZERLAND-WEATHER-MOUNTAINS

ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (9)

2023 Սեպտեմբերին, ամբողջացաւ Լոզանի տխրահռչակ դաշնագրի 100֊ամեակը։ Պայմանագիր, որու դառը հետեւանքները ցարդ կը կրենք։ Պատմութեան այդ ամենամռայլ ժամանակահատուածի դէպքերէն խուսաբելու եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու միտումով` փորձեցինք հետեւեալ հաղորդաշարով լուսարձակի տակ առնել տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերը եւ հայու հանդէպ կատարուած խարդաւանքները։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 

1923 տխրահռչակ թուականի հետեւանքները

Մշակութային բարբարոսութիւն կամ հազարամեակներու քաղաքակրթութեան մը սպանդ, այսպէս կարելի է բնութագրել Մուստաֆա Քէմալի 1923 թուին կատարած եղեռնագործութիւնը, նաեւ ընկերային-տնտեսական կորուստները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին քննարկման առարկայ է:

         Բնական Կիլիկիան աշխարհագրական իր ընդերքով քաղաքակրթական ու մշակութային բազմաշերտ երկիր էր, հոն առկայ էին մարդկային հետքեր սկսած մոլորակի վրայ առաջին բանական մարդու ի յայտ գալէն մինչեւ օրս:

         Հոս հայերը առընչութիւն ունեցած են հնագոյն ժամանակներէն:

Մարդկային պատմութեան ողջ ընթացքին չէ գտնուած որեւէ հզօր կայսրութիւն, որ ցանկութիւն ունեցած չըլլար Կիլիկիան իրեն ենթարկելու: Այս գայթակղութենէն զերծ չի մնացին նոյնպէս Մոնկոլ֊Թաթար ասպատակողները եւ իրենց իրարայաջորդ Օսմանցիք։ Երիտ թուրքերն ու Քէմալով ընդմիշտ իրենցը դարձուցին հայկական Կիլիկիան` օգտուելով մեր երկրին մէջ ծայր առած ներպալատական խարդաւանքներէն, որոնք սկիզբ առած էին նախարարներու պառակտումով։

         Քաղաքաշինութիւնը` Կիլիկիոյ հայկական Թագաւորութեան օրօք նոր թափ ստացաւ: Որոշ Քաղաքներ ծաղկուն ապրեցան եւ դարձան հայկական կայսրութեան կարեւոր կեդրոնները:

Հայկազն Լեւոն բովանդակ կիլիկիոյ ժողովուրդին փայլուն եւ հանգստաւէտ շրջան մը բոլորել տուաւ։ Կիլիկիոյ հին դրամներու հաւաքածոներու մէջ, Լեւոն արքան ունի տարբեր ծանրութեամբ եւ մեծութեամբ պատրաստուած դրամներ: Հայերուս համար պատմական նշանակութիւն ունի այս, որ կարեւոր ապացոյց է` Հայերուս գոյութիւնը տուեալ տարածքի մէջ։

         Կիլիկիան Հայաստանի շնորհիւ հայերը աւելի սերտ կապեր հաստատեցին (տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներուն մէջ) հարաւի երկիրներու հետ: Այդ ժամանակներէն ետք հայ-արաբական, հայ֊Եւրոպական առընչութիւնները,  յարատեւ խորացման ու ամրապնդման միտում ստացան, ինչը պահպանուեցաւ յաջորդող ժամանակներուն եւս:

         Կիլիկիան պատմականօրէն ճանչցուած է՝ որպէս քրիստոնեաներու բնօրրանը։

Սովորաբար ընդհանուր սուրբ տարածքները կը ստեղծուին բազմազգ եւ բազմակրօն միջավայրի մէջ: Կիլիկիան այս տեսակէտէն պարարտ հող էր՝ հաշուի առնելով քաղաքի խառը եւ բազմադաւան բնակչութիւնը: Ընդհանուր սրբավայրերու առկայութիւնը կը վերացնեն բազմաշերտ բնակչութեան միջեւ ստեղծուելիք խտրականութիւնը: Ընդգծենք որ սոյն առանձնայատկութեամբ օժտուած էր Կիլիկիան։

         Հայկական մեծածաւալ հզօր հոսքը դէպի Կիլիկիա տեղի ունեցաւ Անիի անկումով 1064-ին, երբ Սելճուք թուրքերը ներխուժեցին հայկական բարձրաւանդակ: Այդ ժամանակ մեծ թիւով հայեր գաղթեցին դէպի հայկական Կիլիկիա եւ Մերձկիլիկիան Սուրիական հողեր եւ հիմնեցին Կիլիկիան հայկական թագաւորութիւնը: Ուստի Հայկական դրամներու Կիլիկիոյ մէջ գործածութեան դրուիլը պատմական իրողութիւն է, որոնք մեծ քանակութեամբ գտնուած են Կիլիկիոյ հին եւ աւերակ դարձած քաղաքներու մէջ: Այսօր եւս կը հանդիպինք հայկական դրամներու: Կիլիկիան հայ թագաւորներու դրամներու Կիլիկիոյ հողին մէջ գտնուիլը կ'ապացուցէ, թէ մենք մեր հայրենիքի՝ Կիլիկիան Հայաստանի իրաւատէրերն ենք:

         15-րդ դարուն Կիլիկիան դարձաւ միջազգային առեւտուրի տարանցիկ կեդրոն եւ բանուկ ճամբայ, սոյն հանգամանքը պատճառ հանդիսացաւ, որ Կիլիկիոյ հայ գաղութը վերելք ապրի եւ աշխուժանայ: Կիլիկիոյ հայութեան բարգաւաճ անցեալի մասին կը վկայեն տարբեր շրջաններուն կառուցուած վանքերը, եկեղեցիները, վանքապատկան ընդարձակ կալուածները:

        Կիլիկիոյ հայերը հռչակուած էին որպէս հմուտ վաճառականներ, արհեստաւորներ: Մասնաւորապէս ոսկերչութեան եւ ականագործութեան մէջ հմուտ էին, որու մասին վկայած է Առաքել Դաւրիժեցին։

        Իսկ կարեւորագոյն ձեռքբերումը եղած էր այն, որ Կիլիկիան դարձաւ ծաղկողներու կեդրոն, ուր հայերէն աւետարաններու կողքին գրչագրուեցան նաեւ արաբական եւ օտար գրականութենէ նմոյշներ: Նկարչութիւնը նոյնպէս իր ծաղկումը ապրեցաւ` ականաւոր նկարիչներու շնորհիւ, որոնցմէ մեզի հասած են բազմաթիւ նմոյշներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2024, 08:36