Որոնել

2024.04.29 Donne Pie di Etchmiadzin in visita ad Antelias

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնայք այցելած են Անթիլիաս. Անոնք շրջայց մը կատարած են «Կիլիկիա» թանգարանէն ներս

Օրերս Պէյրութի մէջ եռանդուն եւ ծափահարելի գործունէութիւն ծաւալող «Էջմիածնի կրօնասէր Տիկնանց» միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի Ատենապետուհի՝ Տիկին Անահիտ Տանձիկեան իր վարչական, սիրելի անդամներուն եւ համակիրներուն հետ այցելութիւն մը կատարեցին 

Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայրավանք, Armenian Church, Holy See of Cilicia Ուրբաթ 26 Ապրիլ, 2024, առաւօտեան ժամը 9։45-ին: 

Այցելութիւնը սկսաւ նախ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայրավանքի մէջ աղօթքով։ Մեր Ապրիլեան նահատակներուն հոգիներուն համար աղօթք բարձրացուցինք առ Աստուած։ 

Ապա, մեկնեցանք «Կիլիկիա» Մատենադարանի շէնքը։

Մեզ սիրալիր ընդունեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը՝ «Կիլիկիա» Մատենադարանի տեսուչը։

Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանը հիմնուած է Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսին կողմէ 1931-ին: 

Ան մատենադարանի մասին խորունկ եւ յստակ տեղեկութիւն փոխանցեց որ շատ հետաքրքիր էր։ Ապա ուղղուեցանք չորս յարկանի «Կիլիկիա» Թանգարանը, Cilicia Museum Կիլիկիա Թանգարան որ Լիբանանի Թանգարաններու ցանկին մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի։ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի օրով զարգացաւ «Կիլիկիա» Թանգարանը։

Մեզ ընդունեց Տիկին Նարէն որ մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցեց թէ ինչպէս Սիսի Կաթողիկոսութեան թանկարժէք գոյքերը, Միւրոնի Կաթսան, Սուրբ մասունքները, ձեռագիրքերը, ծիսական զգեստները, եւ այլ հոգեւոր հարստութիւնները կարողացան գաղթի ճամբուն վրայ Սիսէն դէպի Հալէպ ապա Անթիլիաս փոխադրել կառքերու վրայ դիմագրաւելով բազմաթիւ դժուարութիւններ։

«Կիլիկիա» Թանգարանի բացումը կատարուած է 1998-ին: Յատկանշական էին հետեւեալ նիւթերը։ Մասունքներ եւ մասնատուփեր - ոսկերչութիւն / Ասեղնագործութիւն եւ ծիսական զգեստներ – ձեռագիրներ / Տպագիր գիրքեր – խաչքարեր – դրամանիշեր / Հնագիտական ցուցանմուշներ - գորգեր եւ վիժակներ –կերպարուեստ․ Այժմ, «Կիլիկիա» Թանգարանի տեսուչն է Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանը։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի կազմակերպած այցելութիւնը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համալիրէն ներս, մեծ գոհունակութիւն պատճառեց այցելուներուն։ Ներկաները ունկնդիր եւ ականատես ըլլալով տրուած տեղեկութիւններուն, անոնք զգացին իրենց հոգիներուն մէջ զուտ հայապահպանութիւն եւ զօրաւոր հաւատք մեր ոգեղէն արժէքներուն եւ տոհմիկ աւանդութիւններուն նկատմամբ։ Արժեւորենք մեր հոգեւոր հարստութիւնը եւ ծանօթացնենք բոլորին։

Աղբիւրը` Արեւելք

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2024, 08:27