Որոնել

Քամփիտոլիոյի հրապարակը Քամփիտոլիոյի հրապարակը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Քաղաքապետարանը կ՛այցելէ 10 Յունիսին

Լուրը կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի գրասենեակը։ Քահանայապետը «Քամփիտոլիոն» այցելած էր նաեւ 2019ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ 10 Յունիսին, առաւօտեան ժամը ինին, Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Հռոմի Քաղաքապետարանը «Քամփիտոլիօ»ն։ Լուրը տարածեց Հռոմի տեղական ոստիկանութեան հոգեւոր մատրանապետ` Հայր Մասսիմօ Քոչին Քամփիտոլիօ հրապարակին վրայ ճանապարհային նոր ոստիկաններու օրհնութեան ժամանակ եւ հաստատեցաւ Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակին կողմէ։

2019ի Մարտի 26ին Քահանայապետի մը Քմափիտոլիօ կատարած վերջին այցելութենէն ճիշտ հինգ տարիներ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը այլ այցելութիւն մը տուած էր Հռոմի Քաղաքապետարան եւ քաղաքապետն էր Վիրճինիա Ռաճճին, մինչ այժմ այդ պաշտօնը կը վարէ Ռոպերթօ Կուալթիերին։

Այս այցելութեան ընթացքին Քահանայապետը կոչ ուղղած էր Հռոմի եւ Հռովմէացիներուն ըսելով. «Նահատակներու արեամբ բեղմնաւորուած Հռոմը պէտք է գիտնայ Քրիստոսի հաւատքով ձեւաւորուած իր մշակոյթէն քաղել, ստեղծագործութեան և գթութեան կենսամիջոցները, որոնք անհրաժեշտ են յաղթահարելու վախերը, որոնք կը սպառնան արգելափակել նախաձեռնութիւնները և հնարաւոր ուղիները: Ասոնք կարող են քաղաքը ծաղկեցնել, միաւորել և զարգացման հնարաւորութիւններ ստեղծել ինչպէս քաղաքացիական, այնպէս ալ մշակութային, ու նաև տնտեսական և սոցիալական: Հռոմ, կամուրջներու քաղաք, ոչ երբեք պարիսպներու»։

10 Յունիսին Քահանայապետը պիտի դիմաւորուի Քաղաքապետ Կուալթիերիի կողմէ որուն հետ անցեալ 4 Յունուարին, աւանդութեան համաձայն, Քահանայապետը ունեցաւ առանձնական հանդիպում մը։ Այդ առիթով Հռոմի առաջին քաղաքացին ընկերային ցանցերուն վրայ գրած էր, թէ այդ հանդիպումը ներշնչումի առիթ էր ու թէ ինք Քահանայապետին ներկայացուցած էր Յոբելեանի աշխատանքներուն ընթացքը, ապա հաստատած էր. «Հռոմը կը սիրէ իր եպիսկոպոսը, որ շատ լաւ կը ներկայացնէ անոր զօրակցութեան, եղբայրութեան ու խաղաղութեան կոչումը»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2024, 16:15