Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց Կովկասի տարածաշրջանի մէջ դադրեցնելու հակամարտութիւնները ու դիմելու խաղաղ բանակցութիւններու։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր առաւօտեան յատուկ հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի անոր ընկերացող պատուիրակութեան հետ։ Հանդիպումէն ետք Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս վերադարձ կատարեց Հայաստան ի տես այսօր առաւօտեան Արցախի դէմ մղուած յարձակումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 սեպտեմբեր 2020-ի կէսօրին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն նշեց՝ թէ «մտահոգիչ տեղեկութիւններ կան Կովկասեան շրջանի մէջ բախումներու մասին։ Կ՛աղօթեմ Կովկասի խաղաղութեան համար եւ հակամարտող կողմերէն կը խնդրեմ դիմել բարի կամքի եւ եղբայրութեան գործնական քայլերու, հարցերը լուծելու ոչ թէ ուժի եւ զէնքի կիրառումով, այլ երկխօսութեան եւ բանակցութեան միջոցաւ։ Միասին աղօթենք լռութեամբ կովկասի խաղաղութեան համար», ըսաւ Սրբազան Պապը։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր առաւօտեան յատուկ հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի  անոր ընկերացող պատուիրակութեան հետ։ Հանդիպումէն ետք Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս վերադարձ կատարեց Հայաստան ի տես այսօր առաւօտեան Արցախի դէմ մղուած յարձակումին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ուղղած խօսքին մէջ  յիշեց նաեւ երէկ Նափոլի քաղաքի մէջ կայացած Մարիա Լուիճա Տէլ Սանթիսսիմօ Սաքրամենթոյի երանացման արարողութիւնը եւ յիշեցուց՝ որ այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ Գաղթականի եւ Փախստականի համաշխարհային օրը։

«Կ՛ողջունեմ հրապարակի վրայ գտնուող «Հրեշտակներ՝ առանց գիտնալու» կոթողի շուրջ համախմբուած գաղթականներն ու փախստականները»  ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ իր այս տարուայ պատգամը նուիրած է ներքին տեղահաններուն, որոնք ստիպուած են փախչիլ այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Յիսուսին ու անոր ծնողաց։

«Անոնց ու զանոնք խնայողներուն է՝ որ այսօր կը նուիրուի մեր յուշը եւ աղօթքը» աւելցուց Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ միշտ այսօր յիշատակուող «զբօսաշրջութեան համաշխարհային օրուան» եւ այս ծիրէն ներս դիտել տալով՝ թէ «համաճարակը ծանր հարուած հասցուց զբօսաշրջութեան որոտին որ այնքան կարեւոր է շատ մը երկիրներու համար։

«Կը քաջալերեմ բոլոր անոնք որոնք կը գործեն զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս ու յատկապէս ընտանեկան եւ երիտասարդ փոքր գործառնութիւնները։ Կը մաղթեմ որ բոլորն ալ կարողանան դուրս գալ ներկայ կացութենէն» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու ողջունելէ ետք հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու տարբեր խումերը բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2020, 12:30