Որոնել

2024.05.02 Apertura mese mariano a Kessab

Քեսապի մէջ բացում Մարեմեան ամսուան

Մայիս ամիսը Աստուածամօր նուիրուած ամիս է, Տիրամօր հանդէպ ջերմեռանդութեան ամիսը:Ան կը տօնուի ամենօրեայ վարդարանի աղօթքով, լիթանիայով՝ որ Մարիամի նուիրուած գովերգ մըն է,  ինչպէս նաեւ Ս. կուսին նուիրուած գողտրիկ երգերով: 
Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 1 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ, բացումը կատարուեցաւ Մայիսեան Աստուածածնի Ս. Վարդարանի աղօթքի ջերմեռանդութիւնը, ապա օրուայ պատգամը փոխանցեց Քեսապի եւ Լաթաքիոյ ժողովրդապետ` Գեր. Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։ Աւարտին Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր պատկերով օրհնեց հաւատացեալներուն հոծ բազմութիւնը եւ խաչով ու օրհնեալ ջուրով օրհնեց մարեմասէր ուխտաւորներուն կապոյտ զգեստները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2024, 08:46