Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Ժալլուֆ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Ժալլուֆ  (Vatican Media)

հայր Հաննա Ժալլուֆ Հալէպի թեմի առաքելական փոխանորդ նշանակուեցաւ

Հայր Հաննա եպիսկոպոս անուանուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ շաբաթ մէկ յուլիսին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Երկրի Ֆրանչիսկեաններու Փոքրիկ եղբայրութիւն» միաբանութեան անդամ Սուրիացի Հայր Հաննա Ժալլուֆ նշանակուեցաւ Հալէպի Լատին ծէսի կաթողիկէներուն առաքելական փոխանորդ։ Ան փոխարինեց Լիբանանանցի իր եղբայրակից Ճորճ Ապու Խազէնը, որ անցեալ տարի տարիքի բերումով հրաժարականը ներկայացուցած էր

Ֆրանչիսկոս Պապ Հայր Հաննան Եպիսկոպոս անուանած էր շաբաթ մէկ յուլիսին, ընտրութիւն մը, դրդուած Սուրիոյ մէջ վերջին տարիներու տառապանքներէն։

Հայր Հաննան այն քահանաներէն մին է, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմի տարիներուն շարունակեց ծառայել ու Աստուծոյ խօսքով ու Սուրբ Խորհուրդներու պարգեւներով մխիթարեց Իտլիպի մէջ գտնուող քրիստոնեայ հասարակութիւնները, Ժիհատիսներու կողմէ սանձազերծուած պատերազմի ժամանակ։ Տարածքներ, որ մինչեւ այսօր տակաւին վերադարձած չեն Դամասկոսի կառավարութեան վերահսկողութեան տակ։

71 ամեայ Հայր Հաննան, Ասիզզի մէջ ուսանած է Աստուածաբանութիւն եւ իմաստասիրութիւն,Պէյրութի մէջ ուսանած է պատմագիտութիւն ապա Հռոմի Սալեզեաններու քահանայապետական համալսարանի մէջ մասնագիտացած է Երիտասարդներու հովուական ծառայութեան եւ կաթողիկէ վարդապետութեան մէջ։ Ան մինչեւ այսօր ժողովրդապետն է իր ծննդավայրին Քնայէ գիւղին ,որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են։

Պատերազմի տարիներուն Հայր Հաննան ու իր եղբայրակիցը Լուայ Պշարաթ մնացին իրենց ժողովրդապետութիւններուն մէջ ու հաւատացեալները շարունակեցին ապրիլ իրենց տուներուն մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2023, 07:55