Որոնել

Pope Francis holds weekly general audience, at the Vatican Pope Francis holds weekly general audience, at the Vatican 

Ֆրանչիսկոս Պապ պէտք է միշտ պահպանել շնորհապարգեւները

«Տիրոջ կողմէ ընտրուած ճարտարապետն եղաւ Սուրբ Հոգիին` այն շունչը զոր արթնցուց այդքան շատ խիղճեր» Սրբազան Պապին պատգամը «Nuovi Orizzonti» շարժումի հիմնադրութեան երեսուն ամեակին առիթով

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

 

Կիրակի, 19 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց «Նոր հորիզոններ» շարժումի հիմնադիրին, շարժումին հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձին առթիւ։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց յիշեալ շարժումի հիմնադիր, Քիար Ամիրանթէն, որ «Տիրոջ կողմէ ընտրուած ճարտարապետն եղաւ , յառաջ տանելու համայ այս շարժումը, Սուրբ Հոգիին այս շունչը, որ արթնցուց այդքան շատ խիղճեր» նշեց, Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացնելով շնորհապարգեւին վրայ շեշտեց, որ շարժումի մը շնորհապարգեւը պէտք է միշտ պահպանուի, ըլլայ հիմնադիրին, ըլլայ համագործակիցներու եւ ըլլայ եկեղեցւոյ կողմէ։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ շնորհապարգեւներու պատմութեան մէջ երբ շնորհապարգեւ մը կը զարգանայ եղած են անհասկացողութեան, խաւար պահեր, նաեւ եկեղեցւոյ կողմէ։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը յիշեց Յիսուսեան միամաբանութիւնը, որ անցեալին փակուեցաւ ապա վերաբացուեցաւ։  «Բոլոր շարժումները պէտք են որ անցնին Տիրոջ խաչով եւ եթէ մէկ մը այդ խաչը չվերցներ Սուրբ Հոգիին ուժով, կ՝ենթարկուի ոչ աւետարանական լուծումներ փնտռելու վտանգին՝ շնորհապարգեւը յառաջ տանելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ինք լաւ կը ճանչնայ յիշեալ շարժումը եւ շարժումին ամենէն գեղեցիկ բաներէն մին է աղքատներուն, մեկուսացեալներուն, ընկերութեան եզրին գտնուող անձերուն մօտիկ կանգնիլն է։

«Որքան կը սիրեմ, երբ դուք փողոց կ՝երթաք ու կը քալէք կեանքին պատրանքին մէջ մոլորուած երիտասարդներուն հետ անոնց ապրելու, աճելու առիթ կու տաք։ ինծի շատ հաճելի թուեցաւ երբ մանուկներու հետ գացիք, երբ Քիարան տեսայ մանուկներուն հետ, որովհետեւ ան գիտէ ,որ մանուկները խոտում են, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հրաւիրելով աղօթելու Տիրոջ, որպէսզի շարժումի հիմնադիրը քաջութեամբ յառաջ ընթանայ եւ սերմանէ շնորհապարգեւը, աղօթելու նաեւ շարժումի համագործակիցներու Հետ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2024, 13:00